image

Թրիփոլիէն ճամբայ ելած եւ խորտակուած նաւուն զոհերուն թիւը հասաւ 77-ի. Թրիփոլին սուգի մէջ. (Տեսանիւթ)

  Թրիփոլիէն   ճամբայ ելած  եւ խորտակուած նաւուն զոհերուն թիւը հասաւ 77-ի. Թրիփոլին սուգի մէջ. (Տեսանիւթ)

Այս երրորդ դէպքն է, որ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքէն քաղաքացիներ դէպի եւրոպական ափեր տանող լաստանաւ մը ջրամոյն կը դառնայ։ 

 Վերջին տուեալներուն համաձայն Սուրիոյ Թարթուս քաղաքի ափերուն խորտակուած նաւուն մէջ եղող քաղաքացիներուն 77-ին դիակները գտնուած են։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ կան տասնեակ կորսուածներ, իսկ տասէ աւելի քաղաքացիներ բուժում կը ստանան։

 

Մինչ զոհուածներուն մասին լուրեր շրջան կ՚ընէինին Թրիփոլի քաղաքին մէջ սուգի մթնոլորտ մը տիրած է եւ կարգ մը շրջաններու մէջ ալ եղած են բողոքի հաւաքներ։

 Յիշեցնենք, որ համալիբանանեան կտրուածքով Թրիփոլին կը համարուի երկրի ամէնէն անտեսուած եւ չքաւոր քաղաքը, որուն բնակիչները կը շարունակեն հաւատալ, որ այդ բարդ վիճակէն դուրս գալու միակ միջոցը որպէս փախստական հեռանալն է։