ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը վստահ չէ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու յաջողութենէն, բայց անհրաժեշտ կը համարէ նման հնարաւորութիւն տալը։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ փոխնախագահ Ճ.Տ. Վենսը։
Ըստ անոր՝ ԱՄՆ-ն չի կարծեր, որ Ռուսիա-ԱՄՆ գագաթնաժողովէն առաջ Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ շփումները արդիւնաւէտ պիտի ըլլան։
«Նախագահն այսօր ինծի ըսաւ՝ թերեւս այդ ստացուի, թերեւս ոչ, բայց կ՚արժէ փորձել»,–ըսած է Վենսը Fox News-ին տուած հարցազրոյցին։
Վենսը նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները կը դադրեցնէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան ֆինանսաւորումը։
«Մենք կ՚ուզենք խաղաղ կարգաւորում ապահովել այս հարցով»,-ըսած է ան։