image

Թրամփ. «Գալիք ընտրարշաւս Պայտընի դէմ «խաչակրաց արշաւանք» պիտի ըլլայ»

Թրամփ. «Գալիք ընտրարշաւս Պայտընի դէմ «խաչակրաց արշաւանք» պիտի ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ իր մասնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն «խաչակրաց արշաւանք» է ներկայիս առաջնորդ Ճօ Պայտընի դէմ, որ, ըստ Թրամփի, կ՚ոչնչացնէ ժողովրդավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այս մասին գրած է washingtonpost.com-ը:

«Այս արշաւն արդար խաչակրաց արշաւանք է մեր երկիրը Պայտընէն եւ Պայտընի վարչակազմի յանցագործներէն ազատելու համար», -ըսած է ան դեկտեմբեր 2-ին Այովա նահանգին մէջ աջակիցներու հետ հանդիպման:

Թրամփ համոզուած է, որ Պայտըն «ոչ թէ կը պաշտպանէ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը, այլ կ՚ոչնչացնէ այն»։

«Կ՚ուզեն վերահսկել, թէ ինչ կ՚ըսէք, կ՚ուզեն վերահսկել ձեր ընկերային էջերը, կ՚ուզեն վերահսկել, թէ ինչ մեքենայ կը վարէք, կ՚ուզեն ամէն ինչ փոխել, այս մարդիկ հիւանդ են»,-ըսած է հանրապետականը։

«Ես կը խոստանամ, եթէ ինծի վերադարձնէք Սպիտակ տուն, անոնց իշխանութիւնը կ՚աւարտի: Ամերիկան կրկին ազատ երկիր կը դառնայ», -ըսած է Թրամփ։

Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024 թուականի նոյեմբերին։ Ապրիլ 25-ին Պայտըն յայտարարած էր, որ կը ձգտի վերընտրուիլ նախագահի պաշտօնին։ Թրամփ ընտրարշաւին մասնակցելու մասին յայտարարած էր 2022 թուականի նոյեմբերին։