image

Թրամփ արտայայտուած է Չինաստանի եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին

Թրամփ արտայայտուած է Չինաստանի եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի բացառեր, որ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային կը կարողանայ կարգաւորել յարաբերութիւններն Իրանի հետ։ Այս մասին ան յայտնած է Նիւ Ճերսիի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին:

«Ես չեմ ցանկար վատ վարուիլ Իրանի հետ։ Յոյսով եմ, որ մենք կ'ունենանք բարեկամական յարաբերութիւններ: Գուցէ յաջողինք հասնիլ հոն, գուցէ՝ ոչ», - ըսած է Թրամփ։

Միեւնոյն ժամանակ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահի թեկնածուն վստահեցուցած է, որ թոյլ պիտի չտայ Իրանի մէջ միջուկային զէնք ստեղծելու։ 

«Անոնք չեն կրնար միջուկային զէնք ունենալ։ Եւ մենք բոլորս վճռական էինք այնպէս ընելու, որ անոնք միջուկային զէնք չունենան, որովհետեւ երբ ունենան, կ'ունենանք բոլորովին այլ աշխարհ, բոլորովին այլ բանակցութիւններ», - ըսած է ան:

Սպիտակ տան նախկին ղեկավարը նաեւ նշած է, որ կ'ակնկալէ բարելաւել յարաբերութիւնները Չինաստանին հետ:

«Կը կարծեմ, որ մենք հիանալի յարաբերութիւններ կ'ունենանք Չինաստանի հետ: Բայց անոնք եւս պէտք է անկեղծ ըլլան: Չինաստան տարիներ շարունակ շահագործած է մեր երկիրը, ինչպէս ցանկացած այլ երկիր», - յայտարարած է Թրամփ։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Ուաշինկթըն պէտք է ունենայ Փեքինի յարգանքը:

«Բայց անոնք չեն յարգեր ո՛չ Հարիսը (Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսը - խմբ.), ո՛չ ալ Պայտընը (Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Ճօ Պայտընը - խմբ.)», - աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը։