image

Թիֆլիս. Նշած են Յ. Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակը

Թիֆլիս. Նշած են Յ. Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակը

19 Փետրուարին, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ տօնական միջոցառում նուիրուած Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակին։ Այս մասին յայտնած են Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութենէն:

Միջոցառման ծիրէն ներս վիրահայ համայնքի եւ Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու «Խոջիվանք» պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին։

Թումանեանի ստեղծագործութիւններու արտասանութեամբ հանդէս եկան վիրահայ դպրոցականներն ու Վիրահայոց թեմի նախակրթարանի սաները։ Գիրք նուիրելու օրուայ կապակցութեամբ պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ իրարու գիրք նուիրելու աւանդական միջոցառումը։