image

Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք.ի այցը՝ Թորոնթօ (Լուսանկար)

Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք.ի այցը՝ Թորոնթօ  (Լուսանկար)

 

 

Օրերս Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան հովուական այցելութիւն մը տուած է հայաշատ Թորոնթօ քաղաք եւ հանդիսապետած Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, հանդիսապետեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցանեց, Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էր, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեան։

Պատարագի աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր պատգամը։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց աղօթքի կարեւորութիւնը, նշելով որ Մեծ Պահոց Հինգերորդ Կիրակին, իր իմաստը ստացած է Քրիստոսի տուած այրի կնոջ աղօթքի յարատեւութեան օրինակէն եւ մաքսաւորին խոնարհ աղօթքէն։

Պատարագէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Միջինքի ճաշկերոյթին, ուր ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։