Իր հովուական առաքելութեան վերադարձած Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան օրերս յայտարարած է, որ երկրաշարժին հետեւանքով տագնապալի վիճակի մատնուած հայկական համայնքներուն համար նուիրահաւաք պիտի կատարուի։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ նորընտիր Առաջնորդ Հայր Մեսրոպ վրդ.ը ինքնաշարժի արկածէ մը փրկուած էր եւ որոշ ժամանակ մը կը գտնուէր բժիշկներու խնամքին տակ։ Ուրախութիւն է լսել, որ Հայր Սուրբ ամբողջապէս ապաքինուած ըլլալով վերադարձած է իր հովուական գործունէութեան ու այդ առթիւ ալ յարմար նկատած է հայագաղութի ամբողջական նեցուկը ապահովել թէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ թէ ալ Դամասկոսի Հայոց թեմին։
Ստորեւ այդ մասին պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ» օրաթերթին կողմէ տրուած լրատւութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նուիրահաւաք մը սկսած է՝ Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի լոյսին տակ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ առընթեր, Սուրիոյ մէջ ալ մեծ աւերներ գործած է այս երկրաշարժը։ Ինչպէս թրքահայութիւնը, այնպէս ալ սուրիահայութիւնը կը դիմագրաւեն երկրաշարժի ծանր հետեւանքները, ինչ որ անուշադրութեան չի մատնուիր համայն հայաշխարհին կողմէ։
Կը հաղորդուի, որ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի տնօրինութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս այս շաբաթավերջին աղօթք կը կատարուի երկրաշարժի զոհերուն համար եւ բարոյական մխիթարութիւն կը հայցուի աղէտեալներուն եւ բոլոր ազդուողներուն։ Միեւնոյն ժամանակ, թեմակալ առաջնորդը տնօրինած է, որ յաջորդող երկու կիրակիներուն թեմի բոլոր ծուխերէն ներս աղէտեալներու օժանդակութեան նկատմամբ կատարուին յատուկ նուիրահաւաքներ։ Հանգանակութեան համար վերջնաժամկէտ սահմանուած է փետրուարի 24-ը։ Նուիրահաւաքի աւարտին, հանգանակուած գումարները հաւասարապէս պիտի ուղարկուին Պատրիարքարան եւ Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարան, որպէսզի անոնք հասցուին կարիքաւորներուն։