Թեհրանի 6-րդ շրջանի քաղաքապետի այցելած է Ազգային Առաջնորդարան:
«Արեւելք» այս մասին կարդաց Թեհրանի Հայոց Առաջնորդարանի պաշտօնական կայքէն։
Կիրակի, 2 Յունուար, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ. Սրբ. Արք. Սարգսեանը Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Թեհրանի 6-րդ շրջանի քաղաքապետ Մասուտ Ռենճպերանին, ով իր պատուիրակութան ուղղեկցութեամբ եկած էր շնորհաւորելու Նոր Տարին եւ Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդն ու մկրտութիւնը:
Հանդիպմանը նաեւ ներկայ էին, տօնական օրերու առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հօր յատուկ հրաւէրով Թեհրան ժամանած Գերշ. Տ. Մակար. Ս. Արք. Աշգարեանը, Թեմական խորհուրդի Ատենապետ ճարտարապետ. Նորայր Արամեանը եւ Փոխատենապետ Վահէ Թարոյեանը, նոյն խորհուրդի անդամ պրն. Ռաֆֆիկ Մելիքսէթեանը, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Զօրիկ Կարապետեանը եւ հանրային կապի հոգեւոր խորհրդատու Արժ. Տ. Գրիսգորիս քհնյ. Ներսէսեանը նաեւ նահատակներու ընտանիքներէն ու անձնուրացներէն ներկայացուցիչներ:
Սրբազան Հայրը բարեգալստեան մաղթանքներէն ետք անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ ընդհանրապէս քրիստոնէական եւ պետական տօները առիթ կ'ընծայեն մեզի՝ իրար շուրջ բոլորուելու եւ ուրախանալու. Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով քաղաքապետին՝ գնահատեց իրենց ներկայութիւնը եւ ըսաւ, որ իր տօնական պատգամներուն անընդմէջ, առ Բարձրեալ Աստուած իր աղօթքը կը բարձրացնէ իսլամական յեղափոխութեան Առաջնորդ Այաթօլլահ Խամէնէիի եւ Հանրապետութեան նախագահ Հոջ. Էպրահիմ Ռայիսիի եւ միւս բոլոր վարչակարգի ծիրէն ներս ծառայող անձնակազմի արեւշատութեան, առողջութեան ու երկրի եւ ժողովուրդի խաղաղութեան ու բարեկեցութեան համար, որովհետեւ կը հաւատանք այն բանին, որ խաղաղութիւնը բարգաւաճման երաշխիքն է, այն ինչ հրեշտակները Քրիստոսի ծննդեան գիշեր աւետեցին մարդոց եւ աշխարհին: Հրեշտակները աւետեցին Աստուծոյ փառքը բարձրունքներուն, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց մէջ հաճութիւն եւ անոր համար է որ երկիրի խաղաղութեան հաստատումը, մեր առաքելութիւնը գիտնալով, կը փորձենք մարդոց միջեւ սէր, միութիւն եւ հաճութիւն առաջացնել:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ի շարս իր խօսքերու՝ դատապարտեց ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ այն բոլոր խաւար ուժերը, որոնք Քրիստոսի քարոզած սկզբունքներուն դէմ կը գործեն: Ան յաւելեց, որ մենք կը հաւատանք որ ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ մեր կեանքին մէջ եղող բոլոր դժուարութիւնները, մեր կամքը զօրացնելով մեզ պիտի ուղղորդեն դէպի վերջնական յաղթանակ:
Պրն. Ռանճպարանը եւս իր հերթին ողջունելով սրբազան Հօրը եւ ներկաներուն շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան եւ ամանորի տօները եւ մաղթեց, Իրանի մէջ ապրող իրանցիներս կրնանք հետեւիլ Քրիստոսի կողմէն քարոզուած սիրոյն եւ խաղաղութեանը: Ան յաւելեց, որ երկիրի խաղաղութեան, ապահոուութեան եւ արդարութեան համար բազում հայրենակիցներ իրենց մատաղ կեանքը զոհեցին իրանեան հայրենիքի զոհասեղանին, որոնցմէ 114-ը հայ նահատակներն են եւ մենք բոլորս պարտական ենք իրենց թափուած արեան եւ սխրագործութիւններուն: Ան յաւելեց, որ Մեր մէջ տիրող եղբայրութեան ամենամեծ փաստն այն է, որ երբ կը վտանգուի Իրանի անվտանգութիւնը, բոլորը միասնաբար, առանց որեւէ խտրականութեան, մէկ մարդու պէս կը նետուինք մարտի դաշտ, պաշտպանելու մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութիւնը: Ապա ակնարկեց, վերջին տասնեակին՝ Տաէշի ոճրագործութիւններուն, որուն արխիւը երկու տարի առաջ փակուեցաւ Նահատակ՝ զօրավար Սոլէյմանիի սխրագործութիւններու շնորհիւ:
Յաւարտ հանդիպման գնահատուեցան նահատակներու ընտանիքներէն ներկայացուցիչներ եւ անձնուրացներ: