image

Թայուանը պիտի յայտնուի մեծ աղէտի մէջ, իսկ ԱՄՆ-ն պէտք է վճարէ իր սխալներու գինը. Չինաստանը՝ Նենսի Փելոսիի այցի մասին

Թայուանը պիտի յայտնուի մեծ աղէտի մէջ, իսկ ԱՄՆ-ն պէտք է վճարէ իր սխալներու գինը. Չինաստանը՝ Նենսի Փելոսիի այցի մասին

Թայուանի իշխող Դեմոկրատական յառաջադիմական կուսակցութեան կործանարար գործողութիւնները եւ օտար քաղաքական ուժերու քօղի տակ կղզին մայրցամաքային Չինաստանէն մեկուսացնելու անոր փորձերը պիտի արագացնեն Թայուանի վարչակազմի ղեկավար Ցայ Ին Վենի կառավարման տապալումը եւ խոր ճգնաժամի մէջ ձգեն տարածաշրջանը:

 

Ինչպէս գրած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Չինաստանի Պետական խորհուրդին կից Թայուանի գործերով գրասենեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մա Սիաոկուանկը։

«Մենք կը նախազգուշացնենք Ցայ Ին Վենը եւ Դեմոկրատական յառաջադիմական կուսակցութիւնը, որ անոնց սադրանքները՝ ապահովելու Թայուանի այսպէս կոչուած անկախութիւնն օտար ուժերու աջակցութեամբ..., ի վերջոյ, պիտի արագացնեն կղզիի ներկայիս ղեկավարութեան փլուզումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանը մեծ աղէտի մէջ պիտի ձգեն»,- ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Ո՛չ մէկ անձ, ո՛չ մէկ քաղաքական ուժ պէտք չէ թերագնահատէ այն վճռականութիւնը, որով Չինաստանը պիտի պաշտպանէ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»,- աւելցուցած է Մա Սիաոկուանկը։

Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սի Ֆենը կանչած է Չինաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքոլաս Պերնսը եւ յայտարարած, որ Ուաշինկթընը պէտք է վճարէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիին Թայուան այցելելու թոյլտւութեան համար։

«Միացեալ Նահանգները պէտք է վճարէ իր սխալներու համար: Չինաստանը պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներ՝ վճռականօրէն հակազդելու համար, եւ մենք մեր խոստումին տէրն ենք», - ըսած է Սի Ֆեն:

Չինացի դիւանագէտը նշած է, որ իւրաքանչիւր անձ, որ կը փորձէ շահարկել Թայուանի հարցը յանուն քաղաքական շահի, ի վերջոյ պիտի ձախողի եւ «գամուի պատմութեան ամօթալի սիւնին»։