image
Հրատապ լուրեր:

«Թալեպան»ները գլխատելու անցան (Լուսանկար)

«Թալեպան»ները գլխատելու անցան (Լուսանկար)

«Թալեպան» արմատական շարժման անդամները սպաննած եւ գլխատած են նախկին ռազմական թագմանիչ Սոհալի Փարտիսին, որ օգնած է ամերիկացի զինուորներուն, գրած է Daily Mail-ը` նկատելով, որ կատարուածը երկրէն արեւմտեան զօրքերու դուրսբերման ֆոնին տագնապի ալիք առաջացուցած է թարգմանիչներու մօտ:

Ըստ տեղեկութիւններու` Փարտիսի վրայ յարձակած են մայրաքաղաք Քապուլի մերձակայքը: Անոր դուրս հանած են մեքենայէն, ծեծած, գնդակահարած, ապա գլխատած:

30-ամեայ Փարտիսն ամերիկեան զօրքի համար որպէս թարգմանիչ աշխատած է 16 ամիս, ապա, անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, դիմած է ԱՄՆ տեղափոխուելու հնարաւորութիւն ստանալու համար, սակայն մերժուած է:

Իրավիճակը Աֆղանիստանի մէջ սրած է ՆԱԹՕ-ի զօրքերու դուրսբերումէն ետք: 22 Յուլիսին թալեպները յայտարարած են, որ իրենք կը վերահսկեն Աֆղանիստանի սահմաններու 90%-ը: Աֆղանիստանի իշխանութիւնները կը հերքեն այդ: Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ֆոնին հարեւան երկիրները սկսած են պատրաստուիլ ռազմական եւ մարդասիրական բնոյթի հետեւանքներուն: Տաճիկիստանը իրականացուցած է իր պատմութեան մէջ ամենամեծ ռազմական զօրավարժութիւնները, յաջորդ շաբաթ Ուզպեքիստանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուորականները զօրավարժութիւններ պիտի կայացնեն Աֆղանիստանի հետ սահմանի մօտ: