image

Տեղի հատուածին մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողը հատած է շփման գիծը, ան վնասազերծուած է․ ԱԱԾ

Տեղի հատուածին մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողը հատած է շփման գիծը, ան վնասազերծուած է․ ԱԱԾ

Տեղ համայնքի հատուածին մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողը հատած է շփման գիծը, ան վնասազերծուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան զինծառայողներու կողմէ: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։

«Փետրուարի 28-ին՝ ժամը 05:15-ի սահմաններում, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի սահմանային հատուածում հայ-ադրբեջանական շփման գիծը հատել է ադրբեջանական զինուած ուժերի զինծառայող, ով զինուած է եղել ԱԿՄ տիպի ինքնաձիգով ու 1 պահեստատուփով: Վերջինս վնասազերծուել է ՊՆ զինծառայողների կողմից»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ԱԱԾ-ն կը տեղեկացնէ, որ դէպքի կապակցութեամբ Քննչական կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով:

Աւելի վաղ «ՍիվիլՆեթ»ի Գորիսի թղթակիցը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Տեղ գիւղի հատուածին մէջ սահմանը հատած է երկու ատրպէյճանցի զինծառայող։ Անոնցմէ մէկը գերեվարուած է եւ կը գտնուի Գորիսի մէջ, միւսը դիմած է փախուստի։ ԱԱԾ-ն երկրորդ զինծառայողի վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած։

Տեղեկութիւնը հաստատած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ հաղորդելով, որ եղանակային վատ պայմաններու պատճառով ատրպէյճանցի զինծառայող Ռուսլան Փանախովը մոլորուած է, անոր կ՚որոնեն։