Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան հոգեւոր ծառայութեան կոչուած է Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճըլս հայաշատ նահանգին մէջ։
Այս մասին վերահասու դարձանք Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուրկէ կը կարդանք՝
Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, համախորհուրդ Թեմի Խառն ժողովին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ նշանակեց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը, որ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին ժամանեց Լոս Անճելըս:
Հայր Սուրբը, Հոգեւոր Տեսուչի իր կարեւոր պաշտօնին կողքին, նաեւ ծառայութիւններ պիտի բերէ մեր Ազգային վարժարաններէն եւ, ընդհանրապէս, Թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը եւ Խառն ժողովը յաջողութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն կը մաղթեն Հայր Սուրբին, որ իր անթիլիասական դաստիարակութեամբ եւ ձեռք ձգած փորձառութեամբ պիտի նպաստէ շրջանի մեր ժողովուրդի եւ աշակերտութեան հայեցի ու քրիստոնէական կեանքի ծաղկման եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման:
Յայտնենք, որ այս Կիրակի, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն ընթացքին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ նորանշանակ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:
Ստորեւ՝ Հայր Սուրբին կենսագրական ամփոփ գիծերը.-
Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 31 Մարտ 1991-ին։ 17 Յունիս 2012-ին, աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, ապա իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին մէջ: Աւելի ուշ, Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքի Ս. Խաչ Ուղղափառ աստուածաբանական համալսարանէն ստացած է Մագիստրոսի կոչում։ Լիբանան վերադարձին, ան հետեւած է նաեւ Ս. Գրային յունարէն եւ եբրայերէն լեզուներու դասընթացներու, Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկին մէջ։
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, զանազան պատասխանատուութեանց կողքին, Հայր Սուրբը նաեւ վարած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօն։