Մեծ ոգեւորութեամբ կը շարունակուի Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներ (Արեւմտեան ափ)։
Այս ծիրին մէջ Պատրիարք հայրը այցելութիւն տուած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան եւ ընդունուած Թեմակալ Առաջնորդին եւ իշխանութեան կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ վարդապետներու, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանի եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Ա.Մ.Ն. իր այցելութեան առիթով, Հոգեւոր Տէրը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքին, սեղանակից ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ Սրբազան Արքեպիսկոպոսներ, Կրօնական ժողովի անդամներ, Ազգ. վարչութեան եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամներ իրենց կողակիցներով ու Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ:
Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ կազմակերպուած երեկոյի ընթացքին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան առաջին հերթին Ամենապատիւ Պատրիարքին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ապա հանդէս եկաւ դրուատիքի խօսքերով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Կաթողիկէ հայութեան հոգեւոր ներկայացուցիչին ու իր շքախումբին, Ազգ. Առաջնորդարան իրենց այցելութեան համար, միաժամանակ յայտնելով հաւատք ու յոյս, որ հայրենիքի ու ազգի կեանքէն ներս առկայ բազում տագնապներ, հաւաքական աղօթքով ու ճիգերով, հետզհետէ կը մեղմանան ու իրենց բարւոք լուծման կը յանգին:
Իր կարգին, Հոգեւոր Տէրը երախտագէտ սրտով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ կազմակերպած շքեղ ընդունելութեան համար, ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց ուժ եւ կորով, իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայութեանց մէջ:
Այս առիթով, աւուր պատշաճի խօսք արտասանեցին նաեւ Գերապայծառը եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան:
Ընթրիքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեց Հոգեւոր Տիրոջ: Երեկոյին, գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան թենոր Պերճ Քիրազեան եւ դաշնակահարուհի Արմինէ Տէրտէրեան:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Ուրբաթ, 27 Մայիսի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ «Հրաշափառ»ի արարողութեան, իսկ Շաբաթ, 4 Յունիսին, ան ներկայ պիտի գտնուի Կաթողիկէ Պատրիարքին ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւն-ընթրիքին: