image

«Սուրմալու»ի ծանր պատահար. Զոհերու թիւը հասաւ 16-ի

   «Սուրմալու»ի ծանր պատահար. Զոհերու թիւը հասաւ 16-ի

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած որոնումներուն արդիւնքով «Սուրմալու» տօնավաճառի պատահարի հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասաւ 16-ի։

 

 Այս մասին առաւօտուն յայտարարած է ՀՀ ԱԻՆ-ի նախարար Արմէն Փամբուխչեան 

 Ան լրագրողներուն խօսելով ըսած է, որ որոնողական աշխատանքները պիտի շարունակուին, այնքան ժամանակ, որ քաղաքացիներ գտնելու յոյսեր կան։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ գտնուած դիակներու շարքին են յղի կնոջ եւ երեխայի մը դիակները։

Նշենք նաեւ, որ ցարդ յայտաբերուած 6 զոհերու ինքնութիւնը արդէն իսկ յայտնի է, իսկ միւս դիակներու պարագային կը կատարուի հետաքննութիւն։