image

«Սուրմալու»ի տարածք. Գողցած են նախարարի խորհրդականի դրամապանակը

«Սուրմալու»ի տարածք. Գողցած են նախարարի խորհրդականի դրամապանակը

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին կոտրած են նախարարի խորհրդական Արմէն Սարգսեանի ինքնաշարժի ապակին եւ գողացած դրամապանակը։ Այս տեղեկութիւնը յայտնած է ԱԻՆ մամուլի խօսնակ Հայկ Կոստանեանը։

Մամուլի խօսնակն ըսած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է պայթումի առաջին օրը։

Յիշեցնենք, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ 14 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով կայ 16 զոհ։ Անհետ կորսուած կը համարուի1 քաղաքացի։ Տուժածներու ընդհանուր թիւը 62 է։ Տարբեր հիւանդանոցներու մէջ բուժումը կը շարունակէ 4 տուժած, անոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Փլատակներու տակէն նաեւ 21 մեքենայ դուրս բերուած է։