image

«Սուրմալու»ի պայթումէն 6 օր անց որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին

«Սուրմալու»ի պայթումէն 6 օր անց որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին

Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն գրեթէ 1 շաբաթ անց կը շարունակուին որոնողափրկարարական աշխատանքները։ «Արեւելք»ին տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Այժմ աշխատանքները կը շարունակուին 1 տեղամասի մէջ, ներգրաւուած են քաղաքապետարանի 1 ջրատար, ինչպէս նաեւ 3 թրաքթոր, 2 ինքնաթափ, 1 կռունկ։

14 Օգոստոսին Երեւան քաղաքի հիւանդանոցներ դիմած են 63 քաղաքացի, որոնցմէ 3-ը կը շարունակեն բուժում ստանալ, իսկ մնացածը, ստանալով համապատասխան բուժօգնութիւն, դուրս գրուած են։

Տակաւին անհետ կորսուած կը համարուի երկու քաղաքացի` 1959 թ. ծնունդ Գագիկ Կառլէնի Կարապետեանը եւ 1967 թ. ծնունդ Վանիկ Խաչիկի Ամիրխանեանը։

Աղէտի վայրին մէջ յայտնաբերուած 16 զոհերէն մէկու դին մինչ այս պահը նոյնականացուած չէ։ Կ'ենթադրուի, որ ան կրնայ ըլլալ անհետ կորսուածներէն մէկը։