image
Հրատապ լուրեր:

«Սուրմալու»ի պատահար. Որոնման աշխատանքները կը շարունակուին

«Սուրմալու»ի պատահար. Որոնման աշխատանքները կը շարունակուին

Կիրակի օր «Սուրմալու»ի տօնավաճառը ցնցած դէպքին հետեւանքով ցարդ կան 18 անհետ կորսուածներ։

Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ ՀՀ ԱԻՆ մամլոյ ծառայութիւնը, որ նաեւ կը նշէ, թէ ՝

Պայթումի հետեւանքով զոհուած է 16 քաղաքացի, որոնց շարքին՝ յղի կին եւ մանկահասակ երեխայ։ Զոհուած տասը քաղաքացիի ինքնութիւն առայժմ պարզուած չէ։ Ինքնութիւնը պարզուած քաղաքացիներն են՝ Միսակ Պատուականի Մարգարեան՝ ծնած 1964թ․, Անահիտ Վազգէնի Մխիթարեան՝ ծնած 1967թ․, Ճեմմա Սարգսի Նազարեան՝ ծնած 1960 թ․, Անահիտ Զարզանդի Խալաթեան, Վարդան Գուրգենի Քոչարեան՝ ծնած 1960 թ․ եւ Գայիանէ Արտաւազդի Աւետիսեան՝ ծնած 1966 թ.։

Նշենք, որ հիւանդանոցներ դիմած է 60 քաղաքացի, որոնցմէ 12-ը կը շարունակէ բուժում ստանալ, իսկ մնացած 48-ը, ստանալով համապատասխան բուժօգնութիւն, դուրս եկած են։

Դէպքի վայրին մէջ կ'աշխատին ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան 171 հրշէջ-փրկարար, 6 հրշէջ եւ 1 փրկարարական տեխնիկա, 2 սանդուղք, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի Փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական, մասնագիտացուած ԱԹՍ, Բժշկական ապահովման վարչութեան, Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբերը, Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հերթապահ հոգեբանը, գազածխապաշտպան ծառայութեան մեքենան, Շիրակի եւ Տաւուշի քաղաքային որոնողափրկարարական խումբերը (համապատասխանաբար` 44 եւ 40 փրկարարներով), Ռուս-հայկական կեդրոնէն՝ 2 փրկարար եւ 1 հրշէջ տեխնիկա, 30 կամաւոր «ՈՄԱ» ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութենէն եւ 102 կամաւոր՝ «Կարմիր Խաչ» մարդասիրական կազմակերպութենէն։

Հրդեհաշիջման աշխատանքները կ'իրականացուին 4 տեղամասով։ Աշխատանքներուն ներգրաւուած են նաեւ քաղաքապետարանի 10 թրաքթոր, 16 բեռնատար ինքնաթափ, 2 ջրատար, շտապօգնութեան 3 կազմ, 1 դի տեղափոխող մեքենայ եւ 2 կռունկ։

Այս պահուն կ'որոնուի 18 քաղաքացի։

1․ Արամ Հայրապետեան (ծնած 1981 թ․)

2․ Մարատ Շահբազեան

3․ Սիրարփի Խաչատրեան

4․ Մարիամ Խաչատրեան

5․ Յարութ Գարաքեան

6․ Գագիկ Կարապետեան

7․ Արտաւազդ Հայրապետեան

8․ Էռնա Գրիգորեան (ծնած 1980 թ․)

9․ Հրաչայ Սարգսեան (ծնած 1976 թ․)

10․ Վաչագան Եղոյեան (ծնած 2000 թ․)

11․ Վանիկ Ամիրխանեան

12․ Կսենիա Բադալեան (ծնած 1981 թ․)

13․ Արամ Յարութիւնեան

14․ Դաւիթ Մխիթարեան

15․ Մելինէ Տալոյեան (ծնած 1997 թ․)

16․ Լիուպա Գրիբովա (ՌԴ քաղաքացի, ծնած 1959 թ․)

17․ Մեհրի Թահերի (ԻԻՀ քաղաքացի)

18․ Գեղամ Պետրոսեան (ծնած 1985 թ․)

Պայթումի դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ ՀՀ ՔՕ 357-րդ յօդուածի 2-րդ մասի (Հրդեհային անվտանգութեան կանոնները կամ պահանջները խախտելը, որն անզգուշութեամբ առաջացուցած է մարդու մահ կամ այլ ծանր հետեւանք) եւ 358-րդ յօդուածի 2-րդ մասի (Դիւրավառ կամ այրիչ նիւթերու պահպանման, հաշուառման, փոխադրման, առաքման կամ օգտագործման կանոնները կամ պահանջները խախտելը, որն անզգուշութեամբ առաջացուցած է մարդու մահ կամ այլ ծանր հետեւանք) յատկանիշներով։