Սուրիոյ բանակի դէմ գրոհ սկսած ահաբեկիչները Համա քաղաքը գրաւելէ ետք ուրբաթ օրուան դրութեամբ կը գտնուին երկրի մեծութեամբ երրորդ քաղաքէն՝ Հոմսէն, ընդամէնը հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, հաղորդած է «The Guardian»-ը:
Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» ահաբեկչական խմբաւորումը եւ դաշնակից խմբաւորումները Ռասթան եւ Թալպիսէ քաղաքներու նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելէ ետք, հասած են Հոմս քաղաքի արուարձաններէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, յայտնած է Մարդու իրաւունքներու սուրիական մշտադիտարկման կեդրոնը՝ աւելցնելով, որ Հոմսը վերահսկելը թոյլ կու տայ ահաբեկիչներուն կտրել գլխաւոր ճանապարհը, որ կը տանի դէպի սուրիական ափ՝ նախագահ Պաշշար Ասատի ալեւիական փոքրամասնութեան յենակէտը։
Նշուած է, որ հազարաւոր մարդիկ գիշերը լքած են Սուրիոյ կեդրոնական Հոմս քաղաքը:
Ահաբեկիչներն արդէն գրաւած են հիւսիսի մէջ գտնուող Հալէպը:
Մինչդեռ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Ալի Մահմուտ Ապասը բանակի նահանջը Համա քաղաքէն «ժամանակաւոր մարտավարական միջոց» որակած է, որ անհրաժեշտ է խաղաղ բնակիչներու կեանքը փրկելու համար։
«Մենք լաւ դիրքեր ունինք ռազմի դաշտին մէջ, եւ մեր զինուած ուժերը վերաբաշխուած են մարդոց կեանքեր փրկելու համար»,-ըսած է նախարարը, որու խօսքը մէջբերած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը Facebook-ի էջին։
Անոր խօսքով՝ բանակը դեռ Համա նահանգի տարածքին մէջ է եւ կը գտնուի լիարժէք պատրաստութեան մէջ։