image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ ՏԻՄ ընտրութիւնները 18 Սեպտեմբերին

  Սուրիոյ ՏԻՄ ընտրութիւնները  18 Սեպտեմբերին

 Սուրիոյ մէջ Տեղական Ինքնակառավարման կամ  ինչպէս Սուրիոյ մէջ ընդունուած է ըսել Տեղական Խորհուրդներու ընտրութիւնները պիտի կայացուին  յառաջիկայ 18  սեպտեմբերին։

 

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար  Ասատ հրապարակեց 2022-ի «216» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն 18 Սեպտեմբեր 2022-ին Սուրիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տեղական խորհուրդներու նոր շրջանի ընտրութիւն: