image

Սուրիացի զինուորականները ետ մղած են զինեալներու գրոհը Իտլիպի մէջ

Սուրիացի զինուորականները ետ մղած են զինեալներու գրոհը Իտլիպի մէջ

«Թիւրքիստանի իսլամական կուսակցութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչները փորձած են ճեղքել սուրիական կառավարական ուժերու պաշտպանութիւնը Իտլիպ նահանգի մէջ: 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի ղեկավարի տեղակալ, փոխծովակալ Վատիմ Քուլիթը յայտնած է, որ յարձակումը ետ մղուած է, ոչնչացուած է 18 զինեալ։

«Իտլիպի նահանգի Մելլաճա բնակավայրի տարածքին մէջ «Թիւրքիստանի իսլամական կուսակցութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներն ականանետային եւ հրետանային կրակի աջակցութեամբ փորձած են ճեղքել սուրիական կառավարական զօրքերու պաշտպանութեան առաջին գիծը։ Յարձակումը ետ մղուած է, սպանուած է մինչեւ 18 ծայրայեղական», -ըսած է Քուլիթը։

Բացի այդ, Քուլիթ յայտնած է Իտլիպի Մաար Շամշա բնակավայրի շրջանին մէջ սուրիացի զինուորականներու դիրքերու վրայ անօդաչու թռչող սարքէ պայթուցիկ նետելու մասին, որու հետեւանքով վիրաւորուած է երկու զինծառայող։

Փոխծովակալը նաեւ յայտարարած է, որ վերջին օրը Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքը 28 խախտում կատարած է Սուրիոյ երկինքին մէջ։ Ըստ պաշտօնեայի՝ դաշինքը ԱԹՍ-ներու թռիչքներ իրականացուցած է՝ առանց համաձայնեցնելու ռուսական կողմի հետ։