Հալէպահայ լրագրողներ օրերս պարգեւատրումի արժանացած են Սուրիոյ պետական մարմիններու կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հալէպահայ լրագրող Յովիկ Շէհիրեանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Սուրիոյ հոկտեմբերեան յաղթանակի յիշատակութեան եւ պաղեստինեան «Լիուաա Ալ֊ Քուտս» զօրախումբի հիմնադրութեան 11-֊րդ տարեդարձին զուգահեռ, երէկ` Հինգշաբթի 6, Հոկտեմբեր 2022֊ին տեղի ունեցաւ լրագրողներու պարգեւատրում։
«Լիուաա Ալ֊ Քուտս» զօրախումբի հրամանատար` Մուհամմատ
Սաաիտի հրաւէրով` Հալէպի մէջ կայացած պարգեւատրման երեկոյին գնահատուած ու պարգեւատրուած են նաեւ հալէպահայ լրագրողներ։
Պարգեւատրուածներու շարքին եղած են` երկար տարիներու վաստակ ու համբաւ ունեցող նկարիչ` Հայկ Ուրֆալեան, («Սանա» գործակալութիւն) թղթակիցներ` Անթուան Պասմաճի եւ Յովհաննէս Շէհիրեան։
՚