Օրերս Լիբանանի մէջ նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, տեղի ունեցած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 85 ամեակի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին պարգեւատրուած է վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարւոյեան» վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանէն, որուն այս մասին կատարած գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
«Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն դպրոցի հիմնադրութեան 85 ամեակի արարողութեան ժամանակ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պարգեւատրած է Մեսրոպեան բարձրագոյն դպրոցի տնօրէն տիար Կրեկուար Գալուստ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ»ի պատուոյ շքանշանով, ի գնահատանք անոր երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան եւ բծախնդիր ու գերազանց ղեկավարութեան։
Սրտանց շնորհաւորութիւն տնօրէն Կրէկուար Գալուստին, որուն կորովը, իմաստութիւնը եւ առաջնորդական հմտութիւնները միշտ օրինակ կը ծառայեն բոլորին»։
«Արեւելք» նոյնպէս կը միանայ յղուած բարեմաղութիւններուն ամենաբարին ու լաւագոյնը մաղթելով Տիար Գալուստին։