Այսօր առաւօտեան Սոչիի մէջ քանի մը փոքր երկրաշարժ տեղի ունեցած է, որոնցմէ ամենահզօրը եղած է 3,5 աստիճան։
Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»ին ըսած է Սոչիի երկրաշարժագիտական կայանի ղեկավար Ելենա Քարփովիչը:
«Վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին երկրաշարժեր եղած են, ամենաուժեղը եղած է 04.47-ին․ ուժգնութիւնը` 3,5 աստիճան»,- ըսած է ան։
Նշուած է, որ վնասներու մասին տեղեկութիւններ չկան։