image

Սթիւ Արթինեանի մահը Լոս Անճըլըսի մէջ

Սթիւ Արթինեանի մահը Լոս Անճըլըսի մէջ

Միացեալ Նահանգներէն տխուր լուր ստացանք. Մահացած է ԱՄՆ Լոս Անճըլըսի հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Սթիւ Արթինեանը։

Հանգուցեալը եղած է ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ անդամ, ինչպէս նաեւ կարեւոր նպաստ բերած է ՀՅԴ  Արեւմտեան ԱՄՆ-ի  Հայ Դատի  աշխատանքներուն։

 

Կը նշուի նաեւ, որ ինչպէս գաղութի հայութիւնը զինք կ՚անուանէր՝ Եղբ. Սթիւը մշտական կերպով ներգրաւուած եղած է ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն հանդէս գալով մասնաւորապէս, որպէս ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ անդամ։

Ան նաեւ ներգրաւուած եղած է 2020 թուականի աղէտալի պատերազմին ընթացքին դէպի Հայաստան ու Արցախ կենսական օժանդակութիւններ հասցնելու աշխատանքներուն մէջ։

 Սթիւ Արթինեանի մահը գուժած են իր գաղափարի եւ միութենական ընֆերները, որոնք բոլորն ալ նշած են անոր նուիրական ոգին, նախաձեռնող միութեանական ըլլալու, ու Հայաստան հայրենիքին նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը։

 Տակաւին կ՚անդրադառնանք։