image

Սպիտակ տունէն կոչ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին. թուալցնել լարուածութիւնը

Սպիտակ տունէն կոչ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին. թուալցնել  լարուածութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպին Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ըրած է քայլեր ձեռնարկելու տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը սրացումէ զերծ պահելու համար։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ճոն Քըրպին այդ մասին ըսած է Սպիտակ տան մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին։

Ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողը յիշեցուցած է, որ լրացած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման 100-րդ օրը եւ հարցուցած, թէ ինչ դիրքորոշում ունի Միացեալ Նահանգները ընդհարման վերաբերեալ եւ արդեօք Ամերիկայի համար մտահոգիչ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս զինուորականներու ներկայութիւնը։

Հարցին ի պատասխան՝ Ճոն Քըրպին ըսած է․ «Ես կ'ըսեմ այն, ինչ նախապէս ըսած ենք։ Մենք կողմերուն ապամագլցումի կոչ կ'ընենք։ Մենք չենք ուզեր որեւէ բռնութիւն տեսնել, եւ կ'ուզենք, որ բոլոր կողմերը համապատասխան քայլեր ձեռնարկեն լարուածութիւնը թուլացնելու եւ բռնութիւնը դադրեցնելու համար»։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս զինուորականներու ներկայութեան վերաբերեալ հարցին Քըրպին չէ պատասխանած։