Ֆրանսահայ հասարակական գործիչ՝ Վարդան Գաբրիէլեան իր յօդուածներուն մէջ յաճախ անդրադարձած է սփիւռքի ու անոր հնարաւորութիւններոուն մասին: Վերջերս ան այս բոլորի մասին արտայայուած է իր «Սփիւռք. Իրավիճակ, Հնարաւորութիւններ, Կազմակերպում» խորագրեալ յօդուածին մէջ, որ ի շարս սփիւռքեան բազմաթիւ թերթերու նաեւ լոյս տեսաւ «Արեւելք»-ի մէջ:
Ըստ Գաբրիէլեանին «կարելի է միանգամայն յայտարարել, որ մենք ունինք հարուստ ներուժով, լայն, բայց ըստ արժանւոյն չարժեւորուած հնարաւորութիւններով աշխարհածաւալ սփիւռք մը»: Եւ որ Սփիւռքը յատկապէս Հայաստանի համար բաբախող սիրտ է: «Սփիւռքը, ի վերջոյ, ապագայ է, նոյնիսկ երբ շատերը զայն պատկերացուցած են որպէս մաշուող ու ձուլուող ժամանակաւոր իրականութիւն»:
Ան ընդգծած է թէ սփիւռքը վերածուած է քանակական ու որակական առաւելութեան մը, եւ այդ առաւելութիւնը, այն պատուանդանն է, որուն վրայ պէտք է կառուցել «հզօր Հայաստան, հզօր հայութիւն» իրականութիւնը` ոչ միայն հայաստանակեդրոն դրուածքով, այլ նաեւ` սփիւռքը ամրացնելու, վերակազմակերպելու, առողջ եւ որակեալ մարմնի մը վերածելու համար:
Անդրադառնալով ազգային տեսլականին ան ըսած է,- «Բայց, նախ, ճշդելու համար, թէ որո՛նք են մեր ակնկալութիւնները սփիւռքէն, կայ լրջագոյն խնդիր, թէ` ո՞րն է մեր ազգային (պետական ու համազգային), տեսլականը` doctrine-ը: Ունի՞նք: Թէ՞ հռչակուած «2050-ին պէտք է 5 միլիոն ըլլանք Հայաստանի մէջ, թէ` պիտի ունենանք միլիառներ արժող սթարթափներ, կամ թէ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականը պէտք է ախոյեան հանդիսանայ»-ն կ՛ամփոփէ մեր այդ տեսլականը»:
Իսկ թէ ի՞նչ խնդիրներ պէտք է լուծէ սփիւռքը թէ՛ իրեն համար եւ թէ՛ Հայաստանի համար, եւ որո՞նք են անոր սահմանափակումներն ու դժուարութիւնները, Գաբրիէլեան ըսած է թէ Սփիւռքի մեծագոյն խնդիրներէն մէկը իր քարացած, կաղապարուած եւ ինքնամաշումի տանող նախորդ դարաշրջանի մեքանիզմներով աշխատիլն է… 21-րդ դարուն:
Իսկ Սփիւռքը վերակազմելու համար ան առաջարկած է, որ իւրաքանչիւր համանքէ հետաքրքրուած հայեր մասնակցին համայնքային ընտրութիւններու. «ընտրութիւններ, որոնք պիտի ձեւաւորեն սփիւռքեան խորհրդարանը, ուր կ'ուղարկուին համայնքներու ընտրեալ պատգամաւորները, եւ հոն կը ձեւաւորուի ապագայ սփիւռքի խորհուրդը»:
Գաբրիէլեան շեշտած է որ,- «Անհրաժեշտ է Հայաստանի պետական ղեկավարութեան, պետական կառոյցներու եւ քաղաքական ուժերու մօտ համահայկական, համազգային գաղափարախօսութիւն, նաեւ` Հայաստան-սփիւռք յստակ, մշակուած, հետապնդուող եւ բարձր նշաձողով ընդհանուր տեսլական եւ ոլորտային ծրագրերու կեանքի կոչելը:
Այս եւ այլ հարցերու մասին Սագօ Արեան վերջերս Երեւանի մէջ «Անկեղծ Զրոյց» մ՚ունեցաւ Վարդան Գաբրիէլեանին հետ։
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով։