image

«Սփիւռքի տարուան» առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ առցանց քննարկում

«Սփիւռքի տարուան» առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ  առցանց քննարկում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, հինգշաբթի, 17 մարտ 2022-ին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:

Առցանց նիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն` Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չկրցան մասնակցիլ հարաւային Ամերիկայէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Անգլիայէն Հրաչ Չիլինկիրեան:

Վեհափառ հայրապետը պարզաբանեց «Սփիւռքի տարի» հռչակելու շարժառիթները. ընդգծեց դասական, նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իրավիճակներուն իւրայատկութիւնները, տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Այս բոլորին մէջ յատկապէս շեշտեց ինքնութեան վերաբերող հիմնահարցերը եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան համապատկերը:

Վեհափառ հայրապետի նախաբանին յաջորդեց իւրաքանչիւր մասնակիցի կողմէ ներկայացուած խորհրդածութիւնները:

Ընդհանուր գիծերուն մէջ ներկայացուեցան`

ա) Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը:

բ) Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը:

գ) Անտեսանելի (մեր կառոյցներէն հեռու) սփիւռքին հասանելիութեան ձեւերու որոնումը:

դ) Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերուն ճշդումը:

ե) Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներգրաւման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը:

զ) Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը:

է) Ելեկտրոնային, համացանցային տարածքներու վրայ համախմբումներու յառաջացումը:

ը) Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւաքագրումի աշխատանքին ձեռնարկելը:

թ) Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշակելը:

ժ) Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման համար նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը:

Լուսարձակի տակ բերուեցաւ երիտասարդութեան դերը եւ այդ ուղղութեամբ որոշուեցաւ երիտասարդութեան հետ յատուկ աշխատանք տանիլ` նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ նոր աշխարհագրութիւն նուաճող եւ նոր տարածականութիւն ձեւաւորող սփիւռքի վերաիմաստաւորման, վերաշխուժացման եւ վերակենսունակացման հրամայականին ընդառաջ աշխատիլը հայաստանանպատակ շարժառիթ եւ մղում պիտի ունենայ:

Արամ Ա. նշեց նաեւ, որ պիտի շարունակուին նման խորհրդակցական նիստեր, որոնց ընթացքին արծարծուած մտածումներն ու եզրայանգումները պիտի նպաստեն «Սփիւռքի տարի»-ն արդիւնաւէտ եւ գործնական միջոցներով յատկանշելու նպատակի իրականացման: