Օրերս Քեսապ հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սիլվա Աբէլեանը, այս առթիւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք բնիկ Քեսապահայ, ներկայիս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ՝ Ստեփան Աբէլեանի գրառումը։
Մեր սիրելի գիւղին, Քէօրքիւնէի մեծ ընտանիքէն սիրեցեալ զոյգ մը եւս կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝Սիլվան։
Սրտի խոր ցաւով այսօր իմացանք Սիրելի Սիլվային վաղաժամ մահը, յետ երկարատև հիւանդութենէ։
Ալպէրը եւ Սիլվան մեր զոյգերու խումբէն արժէքաւոր անդամ մը մեզմէ յաւետ բաժնուեցաւ։ Սիլվան շատ յիշատակներ կը թողու մեր խումբին` իր ընկերային շատ քաղցր և ուրախ խառնուածքով, գործունեայ և աշխատասէր, բնաւ յոգնութենէ չխուսափող անձը հեռացաւ շատ կանուխ։
Մեր վշտակցութիւնը Ալպէրին և զաւակներուն, Երուանդին և Դրօյին, որուն համար այս բաժանումի ցաւը պիտի ըլլայ անբացատրելի և կրկնակի։
Սիլվան այս իմաստուն եւ խոհեմ կինը, որ իր կեանքի մէջ ունեցած անհաշիւ դժուարութիւններուն մէջ գիտցաւ ինչպէս կանգուն պահել իր ընտանիքը, միշտ հաւասարակշռելով իր դժուարութիւնները կեանքի պայմաններուն և պահանջքներուն դիմաց, առանց շուրջիններուն ցոյց տալու և տպաւորելու թէ ինք դժուար պայմաններ ունի, ժպիտը և խնդուքը անպակաս եղան իր դէմքէն, միշտ վերապահ և ամրակամ նկարագրով պայքարեցաւ, նոյնիսկ իր հիւանդութեան տարիներուն, գիտնալով իր վիճակին լրջութիւնը քաջաբար դէմ դրաւ եւ չընկրկեցաւ։
Մօտաւորապէս տարի մը առաջ երբ այցելեցի զիրենք Քէօրքիւնէի մէջ, քաջութեամբ ներկայացուց իր վիճակը և լաւատես էր ու պինդ։
Առիթներով թէ սովորական օրերու երբ իրենց կ՚այցելէինք , միշտ տունը կոկիկ, մաքուր, հիւրասիրութիւններով ընկալող, Ընտիր ուտելիքներով ճոխ, տիպար տան տնտես էր եւ կրնայիր քաջաբար վկայել իր առաքինի կին մը ըլլալը։
Ինչպէս պիտի վկայեն մեր գիւղի բոլոր զոյգերը թէ անհատում յիշատակներ կան իրենց հետ առնչուած և շաղուած, զինք միշտ յիշելու եւ իր բացակայութեանը վիշտը գիտակցելով կը ցաւակցինք Ալպէրին և զաւակներուն, բոլոր հարազատներուն, մօր, քոյրերուն և եղբօր։
Աստուած ողորմի հոգւոյն։