image

Շուշիի շուրջ հրադադարի խախտում գրանցուած է

Շուշիի շուրջ հրադադարի  խախտում գրանցուած է

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկատուական տեղեկագիր ներկայացուցած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ:

Նշուած է, որ Շուշիի շրջանին մէջ հրադադարի խախտման երկու դէպք գրանցուած է. զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այդ փաստերու առնչութեամբ։

Ըստ տեղեկագրի՝ Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիով։ Ռուս խաղաղապահները մեքենայի ճանապարհով Ստեփանակերտ հասցուցած են 277,8 թոն մարդասիրական օգնութիւն։