Շուռնուխի մէջ 4 ընտանիք բնակարանամուտ պիտի տօնէ: Համայնքի միջոցներով վերակառուցուած է համայնքային ենթակայութեան շէնքը: Շինարարական աշխատանքներն արդէն աւարտած են, բնակարաններու բանալիներն առաջիկային պիտի յանձնուին 4 ընտանիքներու:
Համայնքի միջոցներով , գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ համատեղ Շուռնուխի մէջ բազմաթիւ ծրագրեր կ'իրականացուին, համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեանն այցելած է բնակավայր, հետեւած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
Փոքրիկներու համար նաեւ խաղահրապարակ պիտի կառուցուի: Բնակավայրը նաեւ մանկական զարգացման կեդրոն պիտի ունենայ, սենեակի նորոգման աշխատանքներն աւարտած են, այժմ կահաւորման աշխատանքներ կ'իրականացուին: Բնակավայրի գիշերային լուսաւորութեան խնդիրը եւս լուծուած է. Գորիսի համայնքապետարանի եւ ՄԱԶԾ «Կայուն համայնքներ» ծրագրի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած են լուսատուներ, բնակավայրի լուսաւորութեան ցանցն արդիականացուած է:
Ոչ միայն Շուռնուխի, նաեւ համայնքի գրեթէ բոլոր բնակավայրերուն մէջ այս պահուն բազմաթիւ ծրագրեր կ'իրականացին՝ ուղղուած ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ընկերային- տնտեսական զարգացման:


