Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, Շուէտի վեցերորդ մեծագոյն քաղաքին` Օրեպրուի, մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի նորաստեղծ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր:
Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18 սկաուտներ:
Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան ՀՄԸՄի Շուէտի երեք մասնաճիւղերու` Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի եւ Սոտերթելիոյ մեկուսի վարչութիւններուն ներկայացուցիչները, Սոտերթելիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետական կազմը եւ ՀՅԴ «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Խորոզեան:
Օրեպրու մեկուսի շրջանը ունի 84 անդամագրուած անդամ:
Հիմնադիր ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառա՛ջ, Նահատակ» քայլերգով: Ապա մասնաճիւղի կազմակերպչական յանձնախումբը կարդաց Օրեպրուի ՀՄԸՄի վեց ամսուան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Այնուհետեւ ժողովականները կատարեցին մասնաճիւղի գործունէութեան վերաբերեալ առաջարկներ եւ ընտրեցին Օրեպրուի անդրանիկ վարչական կազմը` բաղկացած հետեւեալ անդամներէն` Շանթ Սահակեան, Սիլվի Թանաշեան, Րաֆֆի Մընճեան, Յակոբ Մելքոնեան, Թովմաս Սահակեան, Նուպար Սահակեան եւ Տիգրան Մաթոսեան:
Ընտրութենէն ետք ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան վարչութեան յանձնեց ՀՄԸՄի ծրագիր-կանոնագիրը եւ դրօշը, իսկ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան` միութեան սկաուտական դրօշը:
Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն