Թուրքիան կ'ակնկալէ, որ Շուէտը պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու համար։ Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը Հունգարիոյ արտաքին գործերու եւ առեւտուրի նախարար Փեթեր Սիյարթոյի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսիn, հաղորդած է APA-ի թղթակիցը ։
Ան նշած է, որ Թուրքիան այս հարցով կը գործէ Հունգարիոյ հետ համակարգուած։
Նախարարը աւելցուցած է, որ այն երկիրներու համար, որոնք պիտի դառնան ՆԱԹՕ-ի անդամ, «կարեւոր է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»։
Հաքան Ֆիտանի խօսքով` Վիլնիւսի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջանածիրէն ներս Թուրքիան հերթական անգամ իր պահանջները ներկայացուցած է Շուէտին ու դաշինքի իր գործընկերներուն։
Ըստ անոր՝ հոկտեմբերին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը վերջնական որոշում պիտի կայացնէ սքանտինաւեան երկրի անդամակցութեան վերաբերեալ։