Ընդհանուր սահմաններուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը հնարաւոր է միայն հարեւան երկիրներու միասնականութեամբ, իսկ օտարներու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն եւ հակամարտութիւններ կ'առաջացնէ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար Մոհամետ Պաղերին, կը տեղեկացնէ IRNA-ն։
Մոհամետ Պաղերին եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութան նախարար Զաքիր Հասանովը երեքշաբթի հեռախօսազրոյց ունեցած են:
Պաղերին ըսած է, որ երկու երկիրներու զինուած ուժերու համագործակցութեան ու փոխյարաբերութիւններու մակարդակը կը զարգանայ բոլոր ոլորտներու մէջ։
Ան նաեւ յայտարարած է Պաքուի մէջ համատեղ ռազմական յանձնաժողովին մասնակցելու Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերու պատրաստակամութեան մասին։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած է Իրանի հետ երկկողմ ռազմական եւ պաշտպանական համագործակցութիւնն ընդլայնելու երկրի պատրաստակամութեան մասին։ «Մենք Իրանը կը համարենք բարեկամ երկիր եւ կ'ողջունենք Թեհրանի հետ պաշտպանական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ»,- աւելցուցած է նախարարը։
Հասանով Պաղերին հրաւիրած է այցելելու Պաքու։