Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիան իր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ խօսած է երկկողմ եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու կարեւորագոյն հարցերու շուրջ, հաղորդած է Tasnim գործակալութիւնը:
Ապտուլ Լահիան յայտնած է Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ խթանելու Ատրպէյճանի հետ փոխգործակցութիւնը փոխադրութեան եւ տարանցման ոլորտներու մէջ։
Ամիր Ապտուլ Լահիան վերահաստատած է Իրանի դէմ ըլլալը տարածաշրջանի մէջ օտար երկիրներու ներկայութեան՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանի երկիրներն ի վիճակի են դրական մօտեցումներ կիրառելու տարածաշրջանի խնդիրները ճիշդ լուծելու համար։
Զրոյցի ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի բարձրացուցած միւս հարցերէն էր երկու երկիրներու միջեւ Արաքս գետի ջուրի սակաւութեան ու աղտոտուածութեան ուսումնասիրութիւնը։
Պայրամով իր հերթին ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։