Այսօր Ատրպէյճանի մէջ մեկնարկած է Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային համաձայնագրի (COP29) կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը։ Այս կապակցութեամբ Եւրոպական միութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը նոյեմբեր 11-ին այցով ժամանած է Ատրպէյճան:
Հէյտար Ալիեւի անուան միջազգային օդակայանին մէջ Շառլ Միշելը դիմաւորած են Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Վուկար Մուսթաֆաեւը եւ այլ պաշտօնեաներ։
Ատրպէյճանի մէջ COP29-ը կայացնելու որոշումը առնուած է 2023 թուականի դեկտեմբեր 11-ին Տուպայի մէջ կայացած COP28 լիագումար նիստին։ Որոշումն ընդունուած է այդ շարքին պաշտօնական Երեւանի աջակցութեան շնորհիւ, որու դիմաց Պաքուն համաձայնած է ազատ արձակել 32 հայ ռազմագերիներ։
Կլիմայի համաժողովը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերի 11-22-ը։ Միջոցառման շրջածիրէն ներս Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը պիտի ընդունի շուրջ 70,000 օտարերկրեայ հիւրեր։ ՀՀ ԱԳՆ-ի հաղորդմամբ՝ Պաքուն մասնակցելու հրաւէր ուղարկած է Երեւանին: