image
Հրատապ լուրեր:

Շարլ Միշէլ աշխուժօրէն կը հետեւի զարգացումներուն

Շարլ Միշէլ  աշխուժօրէն կը հետեւի զարգացումներուն

Եւրոպական միութիւնը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները՝ միջադէպերու հետեւանքով կողմերու կրած կորուստներուն ի տես:

Euronews հեռուստակայանի հաղորդմամբ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը խնդիրն աշխուժօրէն  կը քննարկէ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ան արդէն զրուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ յառաջիկային պիտի խօսի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Անոր խումբը եւ Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը վերջին օրերուն սերտօրէն կապի մէջ են երկու երկիրներու առաջնորդներուն հետ եւ կը յորդորեն անյապաղ մեղմելու կացութիւնը եւ առաջընթացի հասնելու սեղանին դրուած բոլոր օրակարգային հարցերուն շուրջ»,- աղբիւրի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչը: