image

Շամխանին Պաքու այցելեց

Շամխանին Պաքու այցելեց

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին այցելած է Ատրպէյճան։

Ինչպէս կը հաղորդէ APA-ն, 15 յուլիսին Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին այցելած է Ատրպէյճան։

Այցի շրջածիրէն ներս Ալի Շամխանին պիտի հանդիպի պաշտօնական անձնաց հետ։ Տեղի պիտի ունենայ մտքերու փոխանակութիւն երկկողմ կապերու զարգացման, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ։