Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս լրագրողի խնդրանքով ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իրանի վերջին զօրավարժութիւններուն՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ամերիկեան կողմը այս առնչութեամբ որեւէ մեկնաբանութիւն ունի:
«Ես այդ հարցի վերաբերեալ առանձնայատուկ մեկնաբանութիւն չունիմ։ Ի հարկէ, մենք կ'ուզենք տեսնել, եւ մենք յստակ նշած ենք, որ շահագրգռուած ենք տեսնել կայուն կովկասեան տարածաշրջան.. տարածաշրջան մը, ուր մենք կ'աշխատինք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի թուլացնենք լարուածութիւնը այդ երկու երկիրներու միջեւ եւ աշխատինք թուլացնելու որեւէ աւելի լայն լարուածութիւն, որ կրնայ առաջանալ»,- ըսած է Փրայս: