Հակակոռուպցիոն դատարանէն ներս յունուար 23-ին Մարտ 1-ի գործով նոր մեղադրանք առաջադրուած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանին։
Հանրային մեղադրողը փոխած է անոր մեղսագրուած՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մասով վերագրուած արարքի իրաւական գնահատականը՝ նոր մեղադրանք ներկայացնելով պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու յօդուածով։
Մեղադրանքի համաձայն՝ Օհանեանը, 2008 թուականին ըլլալով ՀՀ զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ, այլ անձանց հետ յանցակցութեամբ կատարած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս եկող գործողութիւններ, որ անզգուշութեամբ յանգեցուցած է ծանր հետեւանքներու։ Դատախազն այնուհետեւ ներկայացուցած է Մարտ 1-ի գործի մանրամասնութիւնները։
Օհանեանը, ըստ մեղադրանքի, մարտիմէկեան իրադարձութիւններու ժամանակ բանակը ներգրաւած է քաղաքական գործընթացի մէջ: