image

Սերժ Թանքեան վարակուած է «Քովիտ»ով

Սերժ Թանքեան վարակուած է «Քովիտ»ով

Երաժիշտ, «System of a Down» ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։ Այս մասին երաժիշտը հայտնել է իր ինսթակրամեան էջին մէջ։

54-ամեայ արուեստագէտը նշած է, որ ոչ միայն լիովին պատուաստուած է վարակին դէմ, այլեւ համավարակի ընթացքին «անհաւանական զգոյշ» եղած է։

«System of a Down»-ն յառաջիկայ ելոյթները յետաձգած է մինչեւ 2022 թուականի Փետրուար 4-5։

Լոս Անճելեսի մէջ նախատեսուած ելոյթին անհամբեր կը սպասէին երկրպագուները։ 15 տարուայ դադարէն յետոյ «System of a Down»-ը նախորդ տարի՝ Արցախեան պատմերազի ընթացքին, վերջապես նոր ալպոմ թողարկած էր։