image

«Սէր, յարգանք եւ... բարի յիշատակ» Մաժիտա Շորպայի խօսքը

 «Սէր, յարգանք եւ... բարի յիշատակ» Մաժիտա Շորպայի խօսքը

 


Մարդ մը, որ մարդոց համար կ'ապրէր, հեռու փառամոլութենէ ու հարստութիւն տիրանալու հեւքէն, մանաւանդ որ առիթը միշտ ունէր շահագործելու իր պաշտօնը: Ան, սակայն, իր սկզբունքները կը գերադասէր նիւթականէն վեր, եւ այդ նոյն սկզբունքներով ալ դաստիարակած էր իր զաւակը՝ Արմէնը, որ իր կարգին նման է հօր նկարագրին:

 

Բժիշկ Մազլումեան հեռացաւ այս կեանքէն, ըլլալով հարուստներուն հարուստը, ան իր կեանքի ընթացքին հաւաքած էր այն ինչ ուրիշներ ձախողած էին հաւաքել՝ սէր, յարգանք ու բարի յիշատակ:

 

 

Ամիսներ  առաջ  մեզմէ առ յաւէտ  բաժնուեցաւ Եգիպտոսի հայկական  համայնքի  ականաւոր եւ յարգուած  անձնաւորութիւններէն  բժիշկ  Գէորգ Մազլումեան։ 

Այդ  օրերուն  ալ  տարբեր առիթներով  գրեցինք  հանգուցեալին  մասին, իսկ այսօր      «Արեւելք»ի  ընթերցողաց ուշադրութեան  կը յանձնենք   եգիպտուհի   լրագրող, հասարակական  գործիչ  Մաժիտա Շորպայի  այս  առթիւ    պատրաստած սրտի խօսքը։

 

Բժիշկ Մազլումեան...

 

 Ամբողջ կեանքիս  ընթացքին չեմ հանդիպած այսպիսի ազնիւ ու մարդկային խոր նկարագրի տէր անձնաւորութեան մը:

 

Ճակատագրի խաղով մը առիթը ունեցայ մօտէն ճանչնալու զինք, երբ իր մէկ հատիկ  որդին Հայաստան ճամբորդեց: Ես խոստացայ, որ ամէն օր այցելեմ զինք եւ զաւակը հանգստացնեմ. անոնք անբաժան էին, երենց յարաբերութիւնը նման էր սիրող եւ սիրուող «Արապեսք»ի մը:

 

Բժիշկը կ'ընդունէր զիս երկրին  յատուկ ուրախութեամբ ու զուարճախօսութեամբ: Ան եզակի մարդ էր իր ցուցաբերած մտերմութեամբ ու մեծ սիրով, որոնք կը բացակային մարդոց մօտ, բացի քիչերէ, եւ ինք այդ քիչերէն մէկն էր: 

 

Մանուկներու նման կը սիրէր կառչած մնալ իր կարծիքին, ինչպէս հարաւային Եգիպտոսի Սաիտի գաւառացին, բայց եւ այնպէս իր ազնուականութիւնը, բարութիւնն ու  պարզութիւնը սիրելի կը դարձնէին զինք շրջապատին մէջ,  եւ շատեր կը ցանկային որեւէ տեսակի ծառայութիւն մատուցել իրեն:

 

Ան կը յիշեցնէր ծաղրանկարիչ Սարուխանը, որ եգիպտացի ժողովուրդի պաշտելին էր, նոյնիսկ նախագահ՝ Ապտըլ Նասէրին: 

 

 

Որքան մտերմացայ բժիշկ Մազլումեանին, այնքան հասկցայ, որ այս մարդը իւրայատուկ է, իր պարզութեամբ, անսահման նուիրումով ու վեհ սկզբունքներով: Ես նոյնիսկ կարգ մը մարդոցմէ իմացայ, թէ ան գաղտնաբար կ'օգնէր կարիքաւոր հիւանդներուն:

 

Մարդ մը, որ մարդոց համար կ'ապրէր, հեռու փառամոլութենէ ու հարստութիւն տիրանալու հեւքէն, մանաւանդ որ առիթը միշտ ունէր շահագործելու իր պաշտօնը: Ան, սակայն, իր սկզբունքները կը գերադասէր նիւթականէն վեր, եւ այդ նոյն սկզբունքներով ալ դաստիարակած էր իր զաւակը՝ Արմէնը, որ իր կարգին նման է հօր նկարագրին:

 

Բժիշկ Մազլումեան հեռացաւ այս կեանքէն, ըլլալով հարուստներուն հարուստը, ան իր կեանքի ընթացքին հաւաքած էր այն ինչ ուրիշներ ձախողած էին հաւաքել՝ սէր, յարգանք ու բարի յիշատակ:

 

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ հրաշալի բժիշկ, յիշատակդ միշտ անմառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ: Կը բաւէ, որ սորվեցուցիր, թէ նիւթական հարստութիւնը անցողիկ է, իսկ սկզբունքներն ու պատիւը մնացող: