image

Լիբանանցի աստղ Մաժիտա Ալ Ռումի նուաղած է երգելու պահուն (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի աստղ Մաժիտա Ալ Ռումի նուաղած է երգելու պահուն (Տեսանիւթ)

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք նաեւ, որ հայութեան հանդէպ դրական մօտեցումներ ունեցող Ռումի տարբեր առիթներով հայերէն երգեր ալ կատարած է։

Լիբանանցի յայտնի երգչուհի եւ արաբական աշխարհի անզուգական աստղ՝ Մաժիտա Ալ Ռումի  Ժարաշ (Յորդանան) մէջ տեղի ունեցող   ամէնամեայ   միջազգային փառատօնի  ընթացքին  ելոյթ ունենալու պահուն  նուաղած է ու չէ կարողացած  շարունակել իր կատարումը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՝ «Ալ Նահար»էն։

 Աղբիւրը, որ պատահարին մասին կարճ տեսանիւթ մըն ալ հրապարակած է նկատել տուած է, որ երգչուհիին նուաղելուն պէս բեմի պատասխանատուներ մօտեցած ու զինք տարած են դէպի քուլիսներ։

 Աւելի ուշ երգչուհին իր մէջ ուժ գտած եւ շարունակած է համերգը։

 Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եղած է հետեւանք է գեր յոգնութեան նշելով նաեւ, որ մեծ երգչուհիին առողջական վիճակը բաւականաչափ լաւ է։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք նաեւ, որ հայութեան հանդէպ դրական մօտեցումներ ունեցող Ռումի տարբեր առիթներով հայերէն երգեր ալ կատարած է։