image

Հանրայայտ Մաժիտա Ալ Ռումի գործողութեան ենթարկուած. Անոր վիճակը բաւարար

 Հանրայայտ Մաժիտա Ալ Ռումի  գործողութեան ենթարկուած. Անոր վիճակը բաւարար

Լիբանանեան երգարուեստի  փայլուն աստղերէն համարուող՝ Մաժիտա Ալ Ռումի օրեր առաջ վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած է։

Այս մասին «Նահար» պարբերականի կայքին տեղեկութիւն հաղորդած է անոր եղբայրը՝  Աուատ  Ալ Ռումի։

 Վերջինս նաեւ յայտնած է, որ Ռումի ենթարկուած է «Կոյր աղիք»ի գործողութեան եւ թէ անոր առողջական վիճակը կը համարուի բաւարար։

 

«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Ալ Ռումի կը համարուի 70-ականներուն  երգի ասպարէզ մուտք գործած աստղերէն ամենափայլունը եւ ան երգեր մատուցած է   արաբ անուանի բանաստեղծներ՝ Մահմուտ Տարուիշի, Ունսի Ալ Հաժի եւ Նիզար Քապպանիի բառերով։

Այդ երգերէն մին է «Եա Պայրութ» երգը, որուն տեսանիւթը կը զտեղենք ստորեւ։