image

ՍԴՀԿ Պատուիրակութիւնը Փաշինեանի մօտ

 ՍԴՀԿ  Պատուիրակութիւնը  Փաշինեանի մօտ

Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ 10 Օգոստոսին ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Խաչիկ Քեշիշեանը եւ Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանը:

Ողջունելով ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները՝  Փաշինեան նշած է.

«Յարգելի պարոնայք,

Ողջունում եմ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութեանը եւ շատ ուրախ եմ այս առիթի համար: Մենք միշտ կապի մէջ ենք եղել կուսակցութեան հետ՝ ե՛ւ կեդրոնական մարմնի, ե՛ւ հայաստանեան մարմնի: Ուրախ եմ արձանագրել, որ կուսակցութիւնը՝ նաեւ հայաստանեան կազմակերպութիւնը մասնակցում է արտախորհրդարանական ուժերի նոր ձեւաւորուած ձեւաչափին, որտեղ մենք արդէն երկու հանդիպում ենք ունեցել: Նաեւ փորձում ենք այնպէս անել, որ որոշումներ ընդունենք եւ յստակ քայլերով առաջ շարժուենք: Ի հարկէ, այս համագործակցութիւնը եւ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է մեզ համար՝ հաշուի առնելով կուսակցութեան շատ կարեւոր եւ բացառիկ դերը Սփիւռքի մեր համայնքներում, ներգրաւուածութիւնը եւ ներդրումն ընդհանրապէս հայ ժողովրդի քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման գործում:

Մենք միշտ բաց ենք եղել երկխօսութեան համար, եւ ուրախ եմ, որ նոյնպիսի պատրաստակամութիւն կայ նաեւ ձեր կողմից: Այս հանդիպումները լաւ առիթ են, որպէսզի տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններից յետոյ ճշգրտենք մեր օրակարգը, մտքեր փոխանակենք առաջիկայ անելիքների վերաբերեալ, գուցէ նաեւ անհրաժեշտութեան դէպքում կայացնենք յստակ որոշումներ: Կրկին ողջունում եմ ձեզ եւ ուրախ եմ այս առիթի համար»:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեան նշած է. «Շնորհակալ ենք, պարոն վարչապետ: Մենք շնորհակալ ենք, որ կը հիւրընկալէք մեզ այստեղ: Նախ թոյլ տուէք, որ համայն Հնչակեան ընտանիքի անունով շնորհաւորեմ ձեզ՝ վերանշանակման առիթով: Մեր պատմութեան կ'երեւի ամենաճակատագրական շրջանին, անշուշտ, դուք մեզմէ բոլորէն լաւ կը պատկերացնէք եւ տեղեակ էք բոլոր մարտահրաւէրներու մասին՝ ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին: Ինչպէս տեսանք, նաեւ ընտրութիւններէն յետոյ ձեր կատարած քայլերը, մանաւանդ միասնականութեան եւ համախմբուածութեան ուղղուած մօտեցումները ե՛ւ խորհրդարանական, ե՛ւ արտախորհրդարանական ձեւաչափով, կը կարծենք, որ շատ ճիշդ են: Որովհետեւ եթէ նախապէս միասնականութեան, համագործակցութեան եւ համերաշխութեան մասին կոչերը ցանկութիւններ էին, այսօր ուղղակի բացարձակ անհրաժեշտութիւն են, որովհետեւ եթէ մենք համագործակցաբար, միասնականութեան մթնոլորտի մէջ չկարողանանք աշխատիլ, շատ դժուար պիտի ըլլայ ապագան: Որպէս կուսակցութիւն միշտ պատրաստակամ եղած ենք, այսօր ալ պատրաստակամ ենք ձեր հետ համագործակցելու բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Նաեւ կը կարեւորենք այս պահուն իսկապէս համագործակցութիւնը բոլոր ուժերուն հետ, որովհետեւ ատիկա կ'երեւի միակ ձեւն է, որով կարողանանք մեր հայրենիքն ու Արցախը այս ծանր իրավիճակէն դուրս հանենք»:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան անդամներու կողմէ ընդգծուած է վարչապետ Փաշինեանի՝ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ նախաձեռնած երկխօսութեան եւ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը ի շահ հայրենիքին: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանն ու Արցախը կ'անցնին ծանր փորձութիւններու միջով, բայց կարեւորը այն է, որ ընդհանուր ըմբռնում ձեւաւորուած է առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ համատեղ ջանքերով առաջանալու շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ արտախորհրդարանական ձեւաչափով արդէն իսկ տեղի ունեցած երկու հանդիպումը, ուր ներգրաւուած է նաեւ ՍԴՀԿ հայաստանեան կազմակերպութիւնը, կը վկայեն այդ ձեւաչափի գործուն ըլլալու մասին եւ շարունակական բնոյթ կրելու: