image

Սամանթա Փաուըր արցախցի կանանց հետ Երեւանի մէջ «ժենգեալով հաց» պատրաստած է

Սամանթա Փաուըր արցախցի կանանց հետ Երեւանի մէջ «ժենգեալով հաց» պատրաստած է

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր Երեւանի մէջ ժենգեալով հաց պատրաստած է արցախցի կանանց հետ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Փաուըր Հայաստան այցի շրջածիրէն ներս այցելած է Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած սնունդի արտադրամաս՝ «Թէյսթ օֆ Արցախ», որ աջակցութիւն ստացած է ԱՄՆ ՄԶԳ-էն: 

Արցախցի կանայք անոր ծանօթացուցած են ժենգեալով հացի պատրաստման, ներկայացուցած են, որ միջուկը կը պատրաստեն 13 տեսակի կանաչիներէ, որ զարմացուցած է Փաուըրը: Ապա Փաուըր անձամբ պատրաստած է արցախեան աւանդական ժենգեալով հացը:  

«Թէյսթ օֆ Արցախ»-ը ստեղծուած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Շուրջ 3 տարի է, որ տեղափոխուած են Երեւան: Այս պահուն ընկերութեան աւելի քան 10 աշխատակիցներու մեծ մասը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձինք են: 

«Մեր արտադրանքն արցախեան աւանդական ժենգեալով հացն է: Ներկայ պահին ունենք շուրջ 12 տեսակի ժենգեալով հաց»,-լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Թէյսթ օֆ Արցախ»-ի հիմնադիր տնօրէն Միհրան Պաղտասարեանը՝ աւելցնելով, որ շատ ուրախ են, մեծ պատիւ է հիւրընկալել ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավարը: 

Ի դէպ, ԱՄՆ ՄԶԳ-ն ընկերութեան սարքաւորումներու գծով աջակցութիւն ցուցաբերած է: Համագործակցութիւնը սկսած են նախորդ տարուան հոկտեմբերէն: Պաղտասարեանի խօսքով՝ ցուցաբերած աջակցութիւնը ընկերութեան առաջընթացի համար մեծ արդիւնք տուած է, թոյլ տուած է նաեւ աւելցնել աշխատատեղերը:  

Սամանթա Փաուըր ժենգեալով հաց պատրաստելէ ետք հանդիպած ու զրուցած է ԼՂ-էն տեղահանուած անձանց հետ: