image

Սահմանազատումէն ետք հայկական բոլոր տարածքները պիտի վերադարձուին Հայաստանին, իսկ ատրպէյճանականը՝ Ատրպէյճանին. Յակոբ Արշակեան

Սահմանազատումէն ետք հայկական բոլոր տարածքները պիտի վերադարձուին Հայաստանին, իսկ ատրպէյճանականը՝ Ատրպէյճանին. Յակոբ Արշակեան

Սահմաններու բացումը կը բխի 2 երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերէն, յոյսով եմ, որ այդ շուտափոյթ կերպով տեղի կ՚ունենայ:

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեանը:

Անոր խօսքով՝ ՀՀ-ի հետ ուժի լեզուով խօսիլը լաւ միտք չէ եւ, ընդհանրապէս, երբ խօսքը խաղաղութեան մասին է, չի կրնար խաղաղութիւնը ըլլալ պարտադրուած, եթէ հաւասարակշռութեան խախտում տեղի ունեցաւ, այդ չի կրնար ապահովել երկարաժամկէտ խաղաղութիւն:

Հարցին՝ սահմանզատում եղած է Կիրանցի հատուածին մէջ, մենք հողեր տուած ենք, իսկ ի՞նչ վերադարձուցած է Ատրպէյճանը, Ազգային Ժողովի փոխխօսնակն ըսած է, որ սահմանազատման գործընթացի ամբողջ իմաստն այն է, որ ՀՀ-ին պատկանող տարածքները վերադարձուին Հայաստանին, Ատրպէյճանինը՝ Ատրպէյճանին:

Ան ըսած է, որ այս փուլին չուզեր մեկնաբանել, որովհետեւ չի կարծեր, որ այդ պիտի նպաստէ ամբողջական սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին:

«Մենք հիմա մի գործընթաց ենք սկսել, որն ունի սկիզբ եւ աւարտ: Սկզբի երեք տոկոսն անցել ենք արդէն, այդ երեք տոկոսն ուզում էք ամբողջական ներկայացնել: Չէք կարող դա ներկայացնել, որովհետեւ գործընթացը պէտք է ներկայացուի 100 տոկոս: Ես ձեզ ասում եմ՝ հարիւր տոկոս իրականացնելու դէպքում հայկական բոլոր տարածքները ետ են վերադարձուելու Հայաստանին, ադրբեջանական բոլոր տարածքներն՝ Ադրբեջանին»,- շեշտած է ան: