image

Սահմանազատման հետեւանքով Ղազախի շրջանի 4 գիւղը վերադարձուած է Ատրպէյճանին․ Մուսթաֆաեւ

Սահմանազատման հետեւանքով Ղազախի շրջանի 4 գիւղը վերադարձուած է Ատրպէյճանին․ Մուսթաֆաեւ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման աշխատանքներու հետեւանքով որոշուած է 12,7 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանագիծը:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ յայտարարած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, սահմանազատման յանձնաժողովի ատրպէյճանական կողմէ նախագահ Շահին Մուսթաֆաեւը։

Ան նշած է, որ սահմանազատման հետեւանքով Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի 4 գիւղերու՝ Բաղանիս Այրում, Աշաղը Ասկիպարա, Խեյրումլի եւ Քըզըլ Հաճիլի տարածքները (6,5 քմ քառակուսի) վերադարձուած են Ատրպէյճանին։

Մուսթաֆաեւը նաեւ ըսած է, որ այդ հատուածներն այսօրուընէ անցած են ատրպէյճանցի սահմանապահներու վերահսկողութեան։