Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման երկու երկիրներու յանձնաժողովներու չորրորդ հանդիպման համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած, թէ որ թուականի քարտէզը պէտք է հիմք ընդունուի սահմանազատումն իրականացնելու ժամանակ։ Ի պատասխան «Փաստինֆո»-ի հարցման` այս մասին յայտնած է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ՀՀ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ կայացած հանդիպման կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձած են կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու:
«Փաստինֆո»-ն գրաւոր հարցում ուղարկած էր ՀՀ փոխվարչապետի գրասենեակ՝ խնդրելով տեղեկացնել, թէ արդեօք հանդիպման յաջողած են համաձայնութեան գալ քարտէզի շուրջ։
«Որեւէ քարտէզի մասով որեւէ որոշում չի կայացուել: Քննարկուած հարցերի վերաբերեալ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմից հրապարակուել է պաշտօնական հաղորդագրութիւն»,- յայտնած է կառոյցը։
Փոխվարչապետի գրասենեակը նաեւ նշած է, որ յայտնի չէ յաջորդ հանդիպման վայրն ու օրը։