image

Սաղաթէլեանի դէմ իշխանական գրո՞հ

Սաղաթէլեանի դէմ իշխանական գրո՞հ

«Փաստինֆօ»-ի տեղեկութիւններով՝ իշխանութիւնները գրոհ սկսած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի ու անոր ընտանիքի նկատմամբ։ Վերջին օրերուն Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) եւ ՀՀ Քննչական կոմիտէի աշխատակիցները իրար յաջորդելով ստուգումներ եւ խուզարկութիւններ իրականացուցած են Իշխան Սաղաթէլեանի հարազատներուն պատկանող բնակարաններուն եւ ընկերութիւններուն մէջ։

Կայքի աղբիւրը նշած է, որ ստուգումներն սկսած են դեռ «Դիմադրութիւն» շարժման ժամանակ, իսկ վերջին օրերուն անոնք նոր թափ ստացած են։ Աղբիւրի հաղորդմամբ շուրջ մէկ շաբաթ առաջ դատարանի որոշմամբ խուզարկուած է Սաղաթէլեանի հօրը պատկանող ընկերութիւնը եւ գրաւուած են գրասենեակային համակարգիչները եւ գոյքը։ Այնուհետեւ հարցաքննութեան կանչուած են Սաղաթէլեանի հարսը եւ հարազատները։

ՊԵԿ-ի տարբեր ստորաբաժանումներ լայնածաւալ գործողութիւններ իրականացուցած են նոյնիսկ Սաղաթէլեանի հետ հեռաւոր ազգակցական կապ ունեցող անձանց պատկանող ընկերութիւններուն եւ ձեռնարկութիւններուն մէջ։

ՊԵԿ-ի ստորաբաժանումները գործողութիւնները, կայքի աղբիւրի հաղորդմամբ, կը համակարգէ անձամբ ՊԵԿ նախագահ Ռուստամ Բադասեանը, որուն «Դիմադրութիւն» շարժման հաւաքներէն մէկու ժամանակ Սաղաթէլեանն անուանած էր «Սորոսի վաստակ»։

Տեղեկութիւնները ստուգելու նպատակով «Փաստինօ»-ն կապ հաստատած է Իշխան Սաղաթէլեանի հետ, որ, ըստ էութեան, հաստատած է վերը նշուած փաստերը, սակայն հրաժարած է յաւելեալ մեկնաբանութիւններէ, բայց յաւելած է, որ «խղճում է ե՛ւ հրահանգ տուողներին, ե՛ւ այն իրականացնողներին, ովքեր կարծում են, որ նման կերպ կարող են իրեն ետ պահել քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելուց»։

«Յստակ գիտեմ ե՛ւ հրահանգ տուողներին ե՛ւ կատարողներին ե՛ւ նրանց նպատակը, յարմար առիթով կը խօսեմ,հիմա դրա ժամանակը չի, այս պահին կարող եմ դրանց ասել շարունակէք նոյն ջանասիրութեամբ , միեւնոյնն է բան չի ստացուելու, իսկ վերջում ամէն մէկը իր արածի համար պատասխան է տալու, վստահ եղէք»,- յայտարարած է Ի. Սաղաթէլեանը: