image
Հրատապ լուրեր:

«Ռուսիոյ ճակատագիրը միայն մենք պիտի որոշենք». Փութինը ստանձնեց Ռուսիոյ նախագահութեան նոր նստաշրջանը

 «Ռուսիոյ ճակատագիրը միայն մենք պիտի որոշենք». Փութինը ստանձնեց Ռուսիոյ նախագահութեան նոր նստաշրջանը

Վլատիմիր Փութինը պաշտօնապէս ստանձնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի պաշտօնը: Երդմնակալութեան արարողութիւնը կայացած է Քրեմլի մէջ:

Ան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Ռուսիոյ ճակատագիրը միայն իրենք պիտի որոշեն եւ պատուով պիտի յաղթահարեն այս դժուարին փուլը՝ անկէ աւելի զօրացած դուրս գալով:

Փութինը մարտին կայացած ընտրութիւններուն ստացած է ձայներու 87,28%-ը:

2000 թուականէն ի վեր Փութինի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է արդէն վեցերորդ անգամ։ Նախապէս այն իրականացուած է 2000, 2004, 2008, 2012 եւ 2018 թուականներուն: